2014-07-03 11:22:02

Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի երբեմնի կառավարիչ` Կարտինալ Լուրտուսամիի մահուան քառասունքի հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ։


Չորեքշաբթի, 2 յուլիս 2014-ին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին գլխաւորեց` Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի երբեմնի կառավարիչ` Կարտինալ Սիմոն Լուրտուսամիի մահուան քառասունքի հոգեհանգստեան սուրբ պատարաքը, մասնակցութեամբ, ի մէջ այլոց, Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի քարտուղար` գերապայծառ Շիրիլ Վազիլի եւ ենթաքարտուղար գերապայծառ Մալվեսթիթիի, ինչպէս նաեւ Հնդկաստանի Փոնտիքէրի թեմի ներակայացուցիչին եւ երջանկայիշատակ Կարտինալի մէկ թոռնիկին։
Յիշեցնենք թէ կարտինալ Սիմոն Լուրտուսամին, իր մահկանացուն կնքեց 90 տարեկանին, 2 յունիս 2014։ Ան ծնած էր 5 փերտուար 1924-ին. Հնդկաստանի Քալլէրի քաղաքին մէջ։ Քահանայ ձեռնադրուած էր 21 դեկտեմբեր 1951-ին։ 1956 թուականին, Հռոմի Ուրպանիանա համալսարանին մէջ աւարտած էր եկեղեցական իրաւագիտութեան մասնագիտութիւնը։ 30 հոկտեմբեր 1985-ին նշանակուած էր Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի նախագահ, մինչեւ 12 յուլիս 1991։
Քառասունքի հոգեհանգստեան սուրբ պատարաքին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Կարտինալ Սանտրին ընդգծեց ննջեցեալ Կարտինալին կեանքի հանգրուաններն ու անոր նուիրեալ առաքելական գործունէութիւնը երջնակայիշատակ Կարտինալը որակելով ''Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտ եւ Եկեղեցւոյ հոգատար Հովիւ, որ ապրեցաւ Աւետարանի էութիւնը, հետապնդելով ''իրաւունքն ու արդարութիւնը''։







All the contents on this site are copyrighted ©.